ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՈՒՂԵՎՈՐՈՒԹԻՒՈՒՆԸ ՍԿՍԻ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼՈՎ

 

 

«ԴԱՍԱՎԱՆԴԻ՛Ր, ՀԱՅԱՍՏԱՆ»-Ի ՀԵՏ ՍԿՍԵՑԷՔ ՁԵՐ ԿԵԱՆՔԸ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ ՓՈԽՈՂ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹՅԻՒՆ ՄԸ

 
33.jpg

Կը մտածէ՞ք Հայաստան փոխադրուելու մասին։
Կը փափաքի՞ք մասնակցիլ Հայրենիքը շէնցնելու աշխատանքներով։


Հիմա՝ աւելի քան երբէք, մեր աշակերտները պէտք ունին ձեզի պէս առաջնորդներու։
Հայաստանը պէտք ունի ձեզի։

 

 
 

ԻՆՉՈ՞Ւ ՍԿՍԻԼ «ԴԱՍԱՎԱՆԴԻ՛Ր, ՀԱՅԱՍՏԱՆ»-Ի ՀԵՏ
ԱՅՍՊԻՍԻ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ։

«Դասավանդի՛ր, Հայաստան»-ը ձեզի կ՛առաջարկէ առաջնորդութեան իւրայատուկ փորձառութիւն մը: Սփիւռքի հայութեան համար մենք կ՛առաջարկենք ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ, ԴԱՍԱՒԱՆԴԵԼՈՒ եւ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼՈՒ բացառիկ առիթ:

 


ՎԵՐԱԴԱՐՁ

«Դասավանդի՛ր, Հայաստան»-ը պատրաստ է նիւթապէս աջակցիլ Հայաստան տեղափոխուելու ձեր ծրագիրին, ինչպէս նաեւ՝ տրամադրել մուտքի արտոնագիր եւ աշխատանքի թույլտվություն ստանալու համար խորհրդատուութիւն։ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հեռակայ (Առցանց) Համալսարանին միջոցով կրնաք մասնակցիլ հայերէնի անվճար դասընթացքներու։ Մենք նաեւ կը գտնենք ձեզմէ իւրաքանչիւրիդ փորձառութեան համապատասխան եւ ձեր իսկ կարիքը ունեցող համայնքներ։

ԴԱՍԱՒԱՆԴՈՒՄ

Մեր երկու տարուան դասաւանդման ծրագիրին միջոցով կարելիութիւն կ՛ունենաք մանկավարժութեան մագիստրոսի աստիճանի համար հովանաւորութիւն ստանալ։ Ամսական վճարումէ զատ նաեւ կը ստանաք ամսական նիւթական նպաստ ։ Ucomի հետ մեր համագործակցութեան շնորհիւ հաւանաբար նաեւ կարենանք տրամադրել անվճար հեռախօս եւ համացանցային կապի փաթեթ։

ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ

Ծրագիրին ամբողջ ընթացքին կը ստանաք անմիջապէս Ձեզի հետ աշխատող ղեկավարի խորհրդատուութիւն, ինչպէս նաեւ՝ առաջնորդութեան ձեր կարողութիւնները զարգացնելու տարբեր առիթներ թէ՛ Հայաստանի տարածքին եւ թէ Դասավանդիր Բոլորի Համար Գլոբալ Ցանցի միջոցով։ Նաեւ, ձեր համայնքին մէջ նորարարական ծրագիրներ ղեկավարելու նպատակով նիւթական աջակցութիւն ստանալու համար կրնաք ֆոնտերու դիմում ներկայացնել։

 

 

 ՁԵՐ ԱՊԱԳԱՆ` «ԴԱՍԱՎԱՆԴԻ՛Ր, ՀԱՅԱՍՏԱՆ»-Ի ՀԵՏ

ԴԱՐՁԷ՛Ք ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ-ԴԵՍՊԱՆԸ

Մեր՝ երկու տարի տեւողութեամբ Առաջնորդութեան զարգացման ծրագիրը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, կդառնաք Կրթական Հաւասարութեան շրջանաւարտ-դեսպան։ Այդպիսով, կը միանաք աւելի քան յիսուն երկիրէ Դասաւանդէ՛, Հայաստանի տասնեակ հազարաւոր շրջանաւարտներու խումբին եւ կը դառնաք ղեկավարներու համաշխարհային իւրայատուկ ցանցի մը անդամը։

Աւելցնենք, որ շրջանաւարտ-դեսպաններու մեր համայնքը արագօրէն սկսած է վերածուիլ զօրաւոր շարժումի մը, որուն նպատակն է վերջ տալ Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին տիրող կրթական անհաւասարութեան։ Մեր շրջանաւարտ-դեսպանները կը ձգտին ծառայել իբրեւ օրինակ՝ իրենց մէջ կրելով Քոչարիի սկզբունքները։

 Մենք կը քաջալերենք մեր շրջանաւարտ-դեսպանները՝ հետեւելու Առաջնորդութեան Ուղիներ ծրագիրին, որ կը ներառէ Կրթական Առաջնորդութեան, Ընկերային Նորարարութեան եւ Հանրային Քաղաքականութեան Վարչարարութեան ուղղութիւնները։

ԿՐԹԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

Շրջանաւարտ-դեսպաններու խումբի մը կողմէ ղեկավարուող Սերունդ Դպրոցները կը ներկայանան իբրեւ նորարարական դպրոցի օրինակ, որ առաջ կը մղէ ընկերութեան զգացական զարգացումը եւ ծրագիրներով իրականացուող ուսուցումը։
Իմանալ աւելին...

ՍՈՑԻԱԼԱԿԱՆ ՆՈՐԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Կայծը՝ Դասաւանդէ՛, Հայաստանի Ընկերային Նորարարութեան Հնոցը, իր տեսակով առաջինն է Հայաստանի կրթական համակարգին մէջ։ Ծրագիրին շրջանաւարտ-դեսպանները կը ստանան խորհրդատուութիւն եւ ուղղութիւն ու կը կարենան իրենց անձնական նոր ընկերութիւնները հիմնելու համար դրամաշնորհներու դիմելու։
Իմանալ աւելին...

ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

«Տաւուշի Տաղանդ» նախաձեռնութեան միջոցով խումբ մը շրջանաւարտ-դեսպաններ Տաւուշի մարզպետին կողմէ նշանակուած են կարեւոր պաշտօններու, օրինակ՝ մամուլի քարտուղարի եւ կրթական մասնագէտի պաշտօններու, որոնց պարտականութիւններուն մէջ է վերահսկել արցախցի աշակերտներուն տրամադրուող առաջնային օգնութեան աշխատանքները։

 
 
 
 

ԱՒԵԼԻ ՇԱՏ ՊԱՏՄԷ՛

ՄԱԳԻՍՏՐՈՍԻ ԱՍՏԻՃԱՆ

Ծրագիրին դիմողները, որոնք չունին դասաւանդելու անհրաժեշտ վկայականներ, Դասաւանդէ՛, Հայաստանը պատրաստ է վճարել, որպէսզի արձանագրուին մեզի հետ համագործակցող համալսարաններէն մէկուն եւ ստանան դասաւանդման մասնագիտութեան մէջ մագիստրոսի աստիճան։

ՇՐՋԱՊԱՏ ԵՒ ԿԱՊԵՐ

Դասաւանդէ՛, Հայաստանին միանալով, նաեւ մաս կը կազմէք Teach For All համաշխարհային կառոյցին, որ կ՛ընծայէ առաջնորդութեան կարողութիւնները զարգացնելու տարբեր հնարաւորութիւններ, ներառեալ Հարվըրտի կամ Օքսֆորտի նման համալսարաններու հետ համագործակցութիւն։

ՈՒՍՈՒՑԻՉ-ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԱԿԱԴԵՄԻԱ

Ուուցիչ-առաջնորդութեան Ակադեմիայի մեր ամառային խտացած դասընթացքը Հեռակայ (Առցանց) Աշակերտներու Առաջնորդութեան Ճամբարին միջոցով կարելի կը դարձնէ փոփոխութիւններու վրայ հիմնուած ուսուցման դասընթացքները։

ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ՖՈՆՏ

Ծրագիրին մասնակցելու առաջին տարուան ընթացքին մենք կը կազմակերպենք ծրագիրներու կառավարման դասընթացքներ, որպէսզի կարողանաք Համայնքային Ազդեցութիւն Ծրագիրի համար առաջարկներ պատրաստել եւ ներկայացնել։ Նաեւ, ձեր ծրագիրները իրականացնելու համար կրնաք դիմել ֆոնտերու։

ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈԻԹՅՈՒՆՆԵՐ

Միանալով «Դասավանդի՛ր, Հայաստան»-ի թիմին` ձեզ համար հասանելի կլինի Teach For All գլոբալ ցանցը, որն առաջարկում է առաջնորդություն զարգացնելու լայն հնարավորություններ, այդ թվում Հարվարդի ու Օքսֆորդի համալսարանների հետ գործընկերություն։

ԿԱՊԻ ՄԷՋ ՄՆԱՆՔ

 
 
Untitled-3.png